2014-04-30 11:55:21

Կարտինալ Թուրքսոնի ելոյթը` աշխատանքի եւ ընկերային արդարութեան միջազգային գիտաժողովին։


Երեքշաբթի, 29 ապրիլին, Հռոմի մէջ սկիզբ առաւ, միջազգային գիտաժողով մը հայող աշխատանքի եւ ընկերային արդարութեան, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական խաղաղութիւն եւ արդարութիւն խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ու բազմաթիւ կաթողիկէ ոչ կառավարական հաստատութիւններուն։
Երկու օր տեւող գիտաժողովին ընթացքին ժողովականները խորհրդակցեցան համաշխարհականացումի ծիրէն ներս աշխատանքի զարգացումի նիւթին մասին, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան եւ մարդկային զարգացումի մասին։
Այս առթիւ իր ունեցած ելոյթով, Քահանայապետական խաղաղութիւն եւ արդարութիւն խորհուրդի նախագահ կարտինալ Թուրքսոն, յայտնեց թէ ճարտարարուեստականացումի եւ աշխարհանակացումի յառաջբերած արդիւնքներուն՝ հանդերձ, աղքատութիւնը կը շարունակէ հարուածել աշխարհասփիւռ միլիոնաւոր քոյրեր եւ եղբայրներ, յառաջացնելով անգործութիւն, եւ անկայուն աշխատանք։
Այս բոլորը, ինչպէս ընդգծած է Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան առիթներու ընթացքին, հետեւանքն են տնտեսական կառոյցի մը ուր դրամը՝ կեդրոնական տեղ գրաւած է։ Անհրաժեշտ է առ այդ տարբեր տնտեսական մօտեցում մը ունենալ որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան եւ աջակցութեան վրայ եւ որ կարող ըլլայ վայլեուչ աշխատանք ապահովել, որուն միջոցաւ կարելի ըլլայ դրական կերպով բարեփոխել ընկերութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.